«The New York Times»-ը Գոհաբանութեան Տօնին Կ՚առաջարկէ Հայկական Ղափամա Պատրաստել

հեղինակ՝
21 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Ամերիկեան «The New York Times» պարբերականը հայկական աւանդական ղափաման առաջարկած է որպէս Գոհաբանութեան տօնի (Thanksgiving) սեղանի գլխաւոր ուտեստներէն մէկը՝ հրապարակելով անոր հիման վրայ մշակուած բաղադրատոմսը։

«Այս տպաւորիչ բուսական ուտեստը պատրաստուած է հայկական տօնական ղափամայի օրինակով, որ հրաշալի է տօնական հիւրասիրութեան համար», — կը գրէ պարբերականը։

16 Նոյեմբերին թարմացուած հրապարակման մէջ «The New York Times» կը ներկայացնէ ղափաման՝ որպէս աշնանային հայկական ուտեստ, որ սովորաբար կը պատրաստուի ամբողջական դդումով՝ լեցուած բրինձով, ընկուզեղէնով, ծիրանի եւ պալի չիրերով ու պատուած մեղրով։

Ամերիկեան պարբերականը, սակայն, կ՚առաջարկէ անոր փոփոխուած՝ աւելի աղի տարբերակը՝ ոգեշնչուած նաեւ իրանեան եւ մերձաւորարեւելեան խոհանոցներէն։

Յօդուածի հեղինակը՝ Թանիա Սիչինսքի, յատուկ կ՚ընդգծէ նաեւ ղափամայի մատուցման առանձնայատկութիւնը։

«Ի տարբերութիւն հնդկահաւի՝ այս ուտեստը դիւրին է բաժնել տօնական սեղանին շուրջ՝ առաւելագոյն տպաւորութիւն ստեղծելու համար», — կը նշէ հեղինակը՝ տեսարանը համեմատելով բացուած ծաղիկի հետ։

Ղափաման հայկական խոհանոցի աւանդական ուտեստներէն է, որ կը պատրաստուի յատկապէս աշնանային եւ ձմեռնային տօներուն, ինչպէս նաեւ հարսանիքներուն ու ընտանեկան մեծ հաւաքոյթներուն։

Գոհաբանութեան տօնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը նշուի Նոյեմբերի չորրորդ Հինգշաբթի օրը՝ այս տարի 26 Նոյեմբերին։ Այդ օրուան աւանդական գլխաւոր ուտեստը հնդկահաւն է, իսկ «The New York Times» կ՚առաջարկէ հայկական ղափամայի հիման վրայ պատրաստուած տարբերակը՝ որպէս բուսական այլընտրանք։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss