Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Digitec 2026 արհեստագիտական ցուցահանդէսի ու համաժողովի ծիրէն ներս NVIDIA-ի փոխնախագահ Ռեւ Լեպարետեանի հետ ունեցած «Հայաստանի AI հնարաւորութիւնը. գաղափարէն՝ գործողութիւն» խորագրով քննարկման ժամանակ յայտնած է, որ 22 Նոյեմբերին պաշտօնապէս պիտի ազդարարուի «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) ծրագիրի մեկնարկը։
«Վաղը պաշտօնապէս պիտի ազդարարենք ԹՐԻՓՓ ծրագիրի մեկնարկը։ Այս ծրագիրի շատ կարեւոր մասն է ուժանիւթը եւ ելեկտրուժի տարանցումը. մենք պիտի կապակցենք մեր ցանցը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ելեկտրուժի ցանցերուն հետ։ Այս առումով Հայաստանը արդէն կապակցուած է Վրաստանի եւ Իրանի հետ։ Մենք ներդրումներ կը կատարենք, որ ելեկտրուժի տեղափոխումը աւելի արդիւնաւէտ դառնայ։ Սա շատ կարեւոր եւ անհաւատալի վերափոխում է»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան։