Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնած է, որ նոր Սահմանադրութեամբ կը նախատեսուի հայերէնը՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան միակ պետական լեզու սահմանող յօդուածը դարձնել անփոփոխելի։ Ռուբինեան այս մասին ըսած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթին մէջ։
«Նոր Սահմանադրութեամբ հայերէնը՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան միակ պետական լեզու սահմանող յօդուածը, պիտի դառնայ անփոփոխելի։ Այսինքն՝ ի տարբերութիւն գործող Սահմանադրութեամբ սահմանուած կարգին՝ այլեւս անհնար պիտի դառնայ այդ յօդուածը փոփոխել եւ, հետեւաբար, փոխել պետական լեզուն կամ աւելցնել պետական լեզուներ։ Ինչո՞ւ սա կարեւոր է․ որովհետեւ այսպիսով մենք պիտի պաշտպանենք մեր ազգային ինքնութեան գլխաւոր յենասիւնը՝ մեր լեզուն»,- նշած է ԱԺ նախագահը։
Ռուբինեան քննադատած է տարբեր գործիչներու կողմէ այլ լեզուներուն պետական կարգավիճակ տալու վերաբերեալ հնչեցուած առաջարկները՝ այդ ծիրին մէջ յիշատակելով ռուսերէնն ու անգլերէնը։
«Ո՛չ, մեզի նոր պետական լեզուներ պէտք չեն։ Հայերէնը պետական լեզու է, պետականաստեղծ ժողովուրդի լեզու է։ Ան դարեր շարունակ կատարած է իր պետական լեզուի դերը եւ յաւերժ պիտի այն կատարէ»,- յայտնած է ան։
ԱԺ նախագահը նաեւ կոչ ըրած է այնպէս ընել, որ ընդդիմութիւնը չխոչընդոտէ այդ փոփոխութեան ընդունումը։