Փաշինեան. Փտածութեան Կանխարգիլումը Հայաստանի Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնն Է

հեղինակ՝
9 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

Փտածութենէն զերծ պետութեան տեսլականը Հայաստանի Հանրապետութեան համար բացարձակ առաջնահերթութիւն է։

Հակափտածութեան կոմիտէի ձեւաւորման 5-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին իր ելոյթին մէջ այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ շնորհաւորելով կոմիտէի աշխատակիցները յոբելեանի առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնելով կատարուած աշխատանքին համար։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ Հակափտածութեան կոմիտէի գործունէութիւնը աւելի ու աւելի նկատելի կը դառնայ, ինչ որ, սակայն, պէտք չէ ընկալել որպէս փտածութեան ծաւալներու աճ։ «Փտածութիւն կը դասուի լաթենթային յանցագործութիւններու շարքին։ Անոր բացայայտումներուն մասին աւելի յաճախ տեղեկատուութիւն ստանալը չի նշանակեր, որ փտածութեան ծաւալները կ՚աճին։ Մեծ է հաւանականութիւնը, որ փտածութեան դէմ պայքարի մօտեցումներու սկզբունքայնութիւնն է, որ կը մեծնայ»,- նշած է Փաշինեան։

Անոր խօսքով՝ 2021 թուականին՝ երկրի համար դժուար ժամանակաշրջանին, Հակափտածութեան կոմիտէի ստեղծման որոշումը կարեւոր քայլ էր եւ կը վկայէր այս ոլորտին մէջ Կառավարութեան սկզբունքային մօտեցման մասին։

«Մենք ձեւ չենք ըներ, թէ կը պայքարինք փտածութեան դէմ, մենք իսկապէս կը պայքարինք փտածութեան դէմ, եւ մեզի համար ասիկա սկզբունքային խնդիր է»,- նշած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ 2025 թուականի արդիւնքներով ՀՀ պետական պիւտճէի եկամուտները 2017 թուականի համեմատ աճած են 135 տոկոսով՝ աւելի քան կրկնապատկուելով։

Ան վստահեցուցած է, որ առանց հակափտածութեան քաղաքականութեան հնարաւոր չէր ըլլար նման ցուցանիշեր արձանագրել։

«Կառավարութեան առաջնահերթութիւնը փտածութեան կանխարգիլումն է, եւ այդ ուղղութեամբ կ՚իրականացուին լայնածաւալ քայլեր։ Միաժամանակ, փտածութեան վտանգները հնարաւոր չէ ամբողջութեամբ վերացնել, ուստի կարեւոր է նաեւ արդէն իսկ արձանագրուած պարագաներու բացայայտումը, անոնց իրաւական գնահատական տալը եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելը»,- նշած է Փաշինեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss